Վրաստանի նախագահ Սալոմե Զուրաբիշվիլին հրաժարվում է ներկայանալ դատախազություն՝ հարցաքննության։ «Դատախազությանը խորհուրդ կտայի զբաղվել իր գործով և խուսափել նախագահի հետ քաղաքական հաշիվներ մաքրելուց»,- ճեպազրույցում հայտարարել է Զուրաբիշվիլին: Ավելի վաղ Վրաստանի դատախազությունը հետաքննություն էր սկսել ընտրակեղծիքների մասին մեղադրանքներից հետո, որի առնչությամբ էլ Զուրաբիշվիլին հրավիրվել է հարցազրույցի։               
 

Մայիս 28-ը կայացաւ, որովհետեւ մեր սեփական ուժերուն ապաւինեցանք

Մայիս 28-ը կայացաւ, որովհետեւ մեր սեփական ուժերուն ապաւինեցանք
28.05.2024 | 12:55

Մայիս 28-ը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ձգտումը: Դժուար եղաւ անոր ծնունդը: Ստեղծուած ռազմաքաղաքական ծանր պայմաններու մէջ՝ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայութիւն, տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, սով, համաճարակ, Կովկասէն հեռացող ռուսական զօրքեր, դէպի Հայաստան ձգտող թրքական բանակ...

Նորանկախ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեփոխութիւնները կը կատարուէին աշխարհաքաղաքական արագ զարգացումներու, ինչպէս նաեւ ներքաղաքական խորացող տարաձայնութիւններու ազդեցութեան տակ: Դժբախտաբար, իրավիճակի ոչ ճիշդ գնահատման պատճառով, հայ քաղաքական եւ հասարակական բազմաթիւ ուժեր՝ ազգային պետականութեան ստեղծումը իբրեւ գերագոյն նպատակի գաղափարախօսութիւն ընդունելու եւ անոր շուրջ միաւորելու փոխարէն, ծանր հարուած հասցուցին երիտասարդ հանրապետութեան:

1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը առաւել բարդացուցած էր Անդրկովկասի իրավիճակը: Անդրկովկասը դուրս կը մնար նորաստեղծ համայնավար կառավարութեան իշխանութենէն: Այս պայմաններուն տակ 1918-ին Անդրկովկասի գլխաւոր երեք հատուածներու մասնակցութեամբ ( հայ, վրացի եւ կովկասեան թաթարներ) յառաջացաւ Անդրկովկասի միացեալ խորհրդարանը (Սէյմ)-ը:

Սէյմի գոյութեան առաջին օրէն, հակասութիւններ, ազգային, տարածքային սուր վէճեր յառաջացան անոր անդամներուն միջեւ: Այս տրամադրութիւնները աւելի բացայայտ դարձան թրքական զօրքերու դէպի Կովկաս ներխուժումով:

Վրացիները եւ կովկասի թուրքերը անմիջապէս ընդունեցին Անդրկովկասը Ռուսիայէն անջատելու Թուրքիոյ պահանջը: Գալով քաղաքական կշռոյթով Սէյմի երրորդ գլխաւոր միաւորին՝ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եթէ նախապէս՝ 1917-ին կը խօսէր «Ազգերու ինքնորոշման» իրաւունքի մասին, ներկայիս աննպատակայարմար եւ վտանգաւոր կը նկատէր ինքնորոշման սկզբունքով Անդրկովկասի եւ Հայաստանի անջատումը Ռուսիայէն:

Քաղաքական կողմնորոշման առումով հայերը կողմնորոշուած էին դէպի Ռուսիա, կովկասի թաթարները եւ վրացիները՝ դէպի Թուրքիա եւ Գերմանիա: «Օր օրի վրայ,— կը գրէ Սիմոն Վրացեանը,— սաստկանում էին հակամարտութիւնները կովկասեան ժողովուրդներու միջեւ, որոնցից վրացիները գաղտնի, բայց տենդագին որոնում էին գերմանացիների հովանաւորութիւնը, ադրբեջանցիները բռնել էին թուրքերի փէշերից եւ քաշում էին դէպի Բաքու, որը այդ օրերին բոլշեւիկների ձեռքն էր, հայերը մնացել էին մենակ եւ օրհասական կռիւ էին մղում մահ ու աւեր սփռելով առաջ շարժուող թուրքական զօրքերու դէմ» (Ս.Վրացեան.Հայաստանի Հանրապետութիւն, Պէյրութ, 1958, էջ 146):

Սէյմի նիստերուն ընթացքին, Յովհաննէս Քաջազնունի կը պնդէր, որ Անդրկովկասը պէտք է Ռուսաստանի Դաշնակցային մեծ հանրապետութեան անբաժան մասը մնար: Սակայն թրքական ճնշումներու տակ, ապրիլ 1918-ին, Սէյմը յայտարարեց իր անկախութիւնը:

Ռիչարտ Յովհաննիսեան «Հայաստանի Հանրապետութիւն» Ա. Հատորի (Երեւան, 2005) էջ 28-ի մէջ կը գրէ. «Սէյմի Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը, փորձելով խուսափել մեկուսացումից, դառնութեամբ հաւանութիւն տուեց Անդրկովկասի անկախութեան, հակառակ պարագային նոր կոտորածներու ուրուականը աւելի առարկայական պիտի դառնար»:

26 մայիս 1918-ին, Գերմանիոյ հովանաւորութեան տակ Վրաստանի Ազգային խորհուրդը Վրաստանը հռչակեց անկախ: Նոյն օրը, Հ.Յ.Դ. Թիֆլիսի ներկայացուցչական ժողովի եւ թաղային կոմիտէներու անդամներու համատեղ նիստին կ՛ընդունուի հետեւեալ բանաձեւը. «Ի նկատի ունենալով այն, որ Անդրկովկասեան Սէյմի ինքնացրումից եւ Վրաստանի անկախութիւն յայտարարելուց յետոյ լուծուելու է Անդրկովկասեան կառավարութիւնը, եւ հայ ժողովուրդը մնալու է բախտի բերմունքին՝ ներկայացուցչական ժողովը գտնում է անհրաժեշտ, որ Հայոց Ազգային խորհուրդը, ուժեղացնելով իր կազմը, անցնի գործելու հայութեան կենտրոնում՝ ստանձնելով կառավարական ֆունկցիաներ՝ օժտած դիկտատորական իրաւունքներով հայ կեանքի բոլոր երեւոյթներու եւ գործերի նկատմամբ» (Հորիզոն, 29 մայիս 1918, Սիմոն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Պէյրութ, 1958, էջ 152):

Այս կը նշանակէր, թէ Ռուսիոյ կազմին մէջ ինքնավարութեան պահանջով բաւարարուող Հ.Յ.Դ.-ն Ռուսիոյ եւ Անդրկովկասի մէջ զարգացող պատմաքաղաքական դէպքերու եւ իրադարձութիւններու լոյսին տակ կեցած էր անկախ պետականութեան գաղափարի փաստին առջեւ: Կովկասեան թաթարները 27 մայիսին՝ Արեւելակովկասեան իսլամական (մուսլումանական) հանրապետութեան (ԱԿՄՀ) անկախութիւնը յայտարարելէ ետք, Հայոց Ազգային խորհուրդին այլ բան չէր մնար, քան կողմնորոշուիլ դէպի Հայաստանի անկախութիւնը: Այդ ճակատագրական օրերը այսպէս կը նկարագրէ Յովհաննէս Քաջազնունի «Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս» (Երեւան, 1994) աշխատութեան մէջ, էջ՝ 23-24. «Պատմութիւնը բերել-կանգնեցրել էր մեզ մի որոշ գծի առջեւ. պէտք է յանդգնութիւն ունենայինք անցնել վրայից, եթէ չէինք ուզում խորտակուել: Պէտք է տէր դառնայինք մեր հայրենիքին, ապա թէ ոչ կը կորցնէինք այն՝ գուցէ անդառնալիօրէն: Եթէ տատանուէինք, եթէ ուշացնէինք մեր յայտարարութիւնը, Հայաստանը կը մնար ոչ ոքի չպատկանող իր, ( res nullius) ու իբրեւ այդպիսին բաժին կը դառնար հարեւաններին՝ թուրքերին, վրացիներին, ադրբեջանցիներին»:

Մնացեալը պատմութիւն է: Ինչպէս կը գրէ Հայաստանի հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան՝ Հայաստանի ճիչերը եւ օգնութեան աղաղակները ոչ մի տեղից՝ ո՛չ «մարդասիրական» Եւրոպայից եւ ո՛չ էլ “յեղափոխական” Մոսկուայից արձագանգ չգտան»:

Անկախութեան յայտարարութիւնը քննարկուեցաւ Ազգային խորհուրդի 28 մայիսի նիստին: Նոյն օրը պէտք էր պատասխան տրուէր Պաթումի մէջ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանին ներկայացուած վերջնագիրին: Ազգային խորհուրդը որոշեց Անկախ Հայաստանի անունով,

սահմանափակ լիազօրութիւններով օժտուած նոր պատուիրակութիւն մը՝ Ալեքսանտըր Խատիսեան եւ Յովհաննէս Քաջազնունի եւ Միքայէլ Պապաջանեան առաքել Պաթում:

Հայաստանի անկախութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը կատարուեցաւ 30 մայիսին: Երեւանը պիտի դառնար Հայաստանի հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Ազգային խորհուրդը Թիֆլիսէն պիտի փոխադրուէր Երեւան: Յովհաննէս Քաջազնունիին առաջադրուեցաւ ներկայացնել կառավարութեան կազմը: Նիկոլ Աղբալեանին յանձնարարուեցաւ մշակել Հայաստանի անկախութեան պաշտօնական հռչակագիրը: Եւ որովհետեւ Հայոց Ազգային խորհուրդը 28 մայիսին վճիռ կայացուց նոր պատուիրակութիւն մը ուղարկել Պաթում եւ անկախ Հայաստանի անունով բանակցիլ, այդ պատճառով «Մայիս 28»-ը հայոց պատմութեան մէջ անմահացաւ իբրեւ Հայաստանի անկախութեան օր:

Կ’արժէ նշել, որ մայիսեան այդ ճակատագրական օրերուն Հայոց Ազգային խորհուրդը ներկայացնող քաղաքական ուժերը միասնական կեցուածք ցուցաբերեցին ի տես արտաքին վտանգին եւ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն:

Հայաստանի անկախութեան որոշումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր եւ տիրող պայմաններուն մէջ չունէր այլընտրանք: Պաքու սուրացող թրքական բանակը մտադիր էր ջնջել հայկական պետութիւնը: Պատահական չէր, Իսթանպուլի մէջ այդ օրերուն լոյս տեսնող իթթիհատական «Ենի կիւն» (Նոր օր) թերթին մէջ զետեղուած Անդրկովկասի այն քարտէսը, որուն մէջ գոյութիւն չունէր Հայաստանը՝ իբրեւ պետականութիւն ( «Հորիզոն», 30 հոկտեմբեր 1918): Գերմանիա եւս խանդավառ չէր հայկական պետականութեան ստեղծումով: Ան հայապատկան տարածքները Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տարրալուծելու մէջ կը տեսնէր հայկական հարցին լուծումը:

Հարիւր եւ չորս տարիներ անցած են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան քայքայումէն: Հսկայածաւալ պատմութիւն գրուած է երկամեայ անկախութեան ժամանակաշրջանին մասին: Աշխարհաքաղաքական բուռն զարգացումներուն հետեւանքով, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան գնահատականին շուրջ ստեղծուած է քաղաքականացած պատմագրութիւն:

Պատմութիւնը մարքս-լենինեան սկզբունքներէ մեկնաբանելու խորհրդային ժամանակաշրջանի պատմագրութիւնը ծանօթ է բոլորիս: Դժբախտաբար Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք գաղափարական կապանքներէն ձերբազատուած բազմաթիւ հեղինակներ պատմական ճշմարտութիւնները անկողմնակալ դիրքերէ մեկնաբանելու փոխարէն ընթերցողին ներկայացուցին պատմագրութեան անհարիր գնահատականներ: Մեր պատմագրութիւնը տակաւին իր լիարժէք գնահատականը չէ տուած Հայաստանի հանրապետութեան երկամեայ գործունէութեան՝ ըստ փաստերու համակողմանի վերլուծութեան:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը դարերով սպասուած այն պարգեւն էր, որուն կարճատեւ գոյութեան ընթացքին պատահած աշխարհաքաղաքական, ռազմական, դիւանագիտական գործընթացներու ուսումնասիրութիւնը մնայուն հնչեղութիւն պարտի ունենալ հայատրոփ բոլոր սերունդներուն համար:

Ամենակարեւոր դասը, որ պէտք է քաղել՝ ան կայացաւ, որովհետեւ ապաւինեցանք մեր սեփական ուժերուն:

Ահարոն ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Դիտվել է՝ 4391

Մեկնաբանություններ